ԱՄԼՈՒԹԵԱՆ ԲՈՒԺՄԱՆ ՄԻՋՈՑՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ԱՇԽԱՐՀ ԿՈՒ ԳԱՆ
Շուրջ մէկ տարի առաջ, Հայաստանի մէջ սկիզբ առած է արհեստագիտական միջոցներով ամլութիւն (անպտղութիւն) բուժելու ծրագիր մը: Ծրագիրը կ՚ընդգրկէր աւելի քան երկու տարիէ ի վեր անպտղութեան հետեւանքով՝ անզաւակ մնացած զինծառայողները, սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները, ընտանեկան նպաստի համակարգին մէջ 30.01-էն աւելի անապահովութեան աստիճան ունեցող նպաստառուները, հաշմանդամութիւն ունեցողները, ինչպէս նաեւ՝ զինուորական ծառայութեան ընթացքին կամ աւարտէն ետք ծառայութեան…