ԻՆՉՈ՞Ւ COVID19-ՈՎ ՄԱՀԱՑԱԾՆԵՐԸ ԿԸ ԹԱՂԵՆ ՓԱԿ ԴԱԳԱՂՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

COVID 19-ով մահացածները փակ դագաղներու մէջ կը թաղեն ոչ այն պատճառով, որ անոնց աճիւնները կրնան վտանգ ներկայացնել ուրիշներու համար, YouTube-ով կը յայտնէ ծանօթ մանկաբոյժ եւ հաղորդավար Եւգենի Քոմարովսքին: «COVID 19-ով մահացածին յուղարկաւորութիւնը վտանգաւոր է միայն այն պատճառով, որ դագաղին շուրջ հաւաքուած հարազատները կը խախտեն ընկերային հեռաւորութիւնը: Մահացածը չի վարակեր», կ՚ըսէ բժիշկը: Անոր համաձայն, փակ դագաղը…