ԳԷՐ ԵՒ ԱՌՈՂՋ. ԿԱՐԵԼԻ՞ Է

Այսօր բաւական տարածուած է այն կարծիքը, թէ իբրեւ թէ կարելի է ունենալ աւելորդ ծանրութիւն, միաժամանակ առողջ մնալ: Սակայն, խումբ մը սպանացի գիտնականներ փաստած են, որ այս սոսկ առասպել է, եւ որ ճարպակալումն ու առողջութիւնը իրականութեան մէջ անհամատեղելի են: Մատրիտի Եւրոպական համալսարանի (European University) մասնագէտները կատարած են հետազօտութիւն մը եւ ուսումնասիրած կանոնաւոր ֆիզիքական շարժումի մէջ գտնուող…