ՀԵՏԱՔՐՔԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ԾԽԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ծխելու հետեւանքով իւրաքանչիւր 8 վայրկեանը անձ մը կը մահանայ աշխարհի տարածքին: Հաւանաբար բազմիցս լսած էք այս: Բայց, ահաւասիկ, քանի մը հետաքրքրական տուեալներ ծխելու մասին, որոնք հաւանաբար չէիք գիտեր. Ծխելը պատճառ կը դառնայ սթրեսի, եւ ոչ թէ հակառակը: Ծխողները կը կարծեն, որ այս մոլութիւնը կ՚օգնէ յաղթահարելու սթրեսը, սակայն իրականութեան մէջ, հակառակը ճիշդ է: Ծխողները աւելի շատ…