Ո՞Ր ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ԵՆԹԱԿԱՅ ԵՆ COVID 19-Ի ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՄԱՀԱՆԱԼՈՒ ՎՏԱՆԳԻՆ

Որոշ մասնագիտութիւններ առանձնապէս մարդիկ խոցելի կը դարձնեն COVID 19-ի դէմ, կը պնդեն Քալիֆորնիոյ համալսարանի բժշկական գիտութիւններու հիմնարկին գիտնականները: Ինչպէս որ կը նախատեսուէր, առաջին տեղը կը գրաւեն բժշկական-առողջապահական մարզին մէջ աշխատողները: Անոնք ամէնօրեայ շփումի մէջ են հիւանդներու հետ, եւ առաջին հերթին անոնք ենթակայ են վարակուելու վտանգին, նաեւ՝ հետագայ բարդութիւններուն: Երկրորդ տեղը կը գրաւեն ուտեստեղէնի եւ գիւղատնտեսութեան…