ՊԱՏՈՒԱՍՏՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ. ՄԵԹՈՏՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԱՆԽԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ
10-րդ դարու չինական եւ հնդկական աղբիւրներ վկայութիւներ կու տան «բնական ծաղիկի» դէմ պատուաստումի մասին. այդ ժամանակներէն ի վեր մարդիկ ըմբռնած էին մնայուն ախտամերժութեան պաշտպանական յատկութիւնները: Այն փաստը, որ բնական ծաղիկը յաղթահարած մարդիկ հետագային նորէն չէին վարակուեր, միջնադարեան բժիշկները մղած է մտածելու պատուաստումի եղանակներու մասին: Մեծ տարածում ունեցող վարակիչ այս հիւանդութիւնը շուրջ 40% մահացութեան համեմատութիւն ունէր:…