Ի՞ՆՉՊԷՍ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ՎԱԶԵԼԻՆԸ

Կա՞յ մէկը որ գործածած կամ առնուազն տեսած չըլլայ «Վազելին» կոչուող դեղը: Իւղի նման թանձր, կակուղ, բայց անգոյն, անբոյր եւ անհամ նիւթ մըն է: Դեղարանները մեծ քանակութեամբ կը սպառեն անկէ՝ սպեղանիներու պատրաստութեան համար: Սուզուող լողորդները անով կ՚օծեն իրենց մարմինները: Շարժանկարի դերասանները վազելինով կը կեղծեն իրենց արցունքները: Ռազմաճակատի զինուորները յաճախ վազելինը կը գործածեն որպէս ածիլուելու օճառ: Որո՞ւն…