ԹԱՐՄ ՍՆՈՒՆԴԻ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Օրկանիզմին համար ամենակատարեալ ձեւը՝ սննդամթերքները բնական եւ թարմ օգտագործելն է։ Պէտք է նշել, որ օգտագործելով առատ բանջարեղէն, պտուղներ եւ անոնց հիւթերը՝ մենք կ’ապահովենք օրկանիզմին ոչ միայն սնուցումը եւ վերակառուցումը, այլեւ՝ մաքրումը: Երբ կ’օգտագործենք թարմ, հում, չեփած սնունդ, ապա անոր պարունակած բջիջանիւթը կը մաքրէ աղիքները։ Այդ նոյն սնունդը եփած կամ տապկուած կը…