ԻՆՉՊԷ՞Ս ՃԻՇԴ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼ ԲԵՌՆԱԹԱՓՄԱՆ ՕՐԵՐԸ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Բեռնաթափման նպատակն է պարբերաբար մարմնէն հեռացնել աւելորդ նիւթերը, որոնք կրնան պատճառ դառնալ որոշ հիւանդութիւններու յառաջացման։ Գէր մարդոց խորհուրդ կը տրուի շաբաթը մէկ անգամ բեռնաթափման օր նշանակել, որուն ընթացքին կարելի է ձերբազատուիլ մարմնի աւելորդ 500-800 կրամ կշիռքէն եւ նպաստել մարմինի մաքրումին։ Բեռնաթափման տեսակը կ՚որոշէ բժիշկը, նկատի առնելով անձին առողջական ընդհանուր վիճակը։ –…