ՄՏԱՀԵՐՁՈՒՄ (SCHIZOPHRENIA)

ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Այն վարկածը՝ թէ սքիզոֆրենիան 2 անհատ է՝ մէկ անձի մէջ, առասպելական է ու երեւակայական, որովհետեւ սքիզոֆրենիան քրոնիք մտային խանգարում է՝ մտա-ընկալման անառողջ վիճակ եւ կեդրոնացման բացակայութիւն, անհատին եւ արտաքին աշխարհին միջեւ զգացական եւ իմացական յարաբերութեանց խախտում կամ աղաւաղում, մասնաւորաբար զգացումներու եւ մտածումներու ներքին կազմակերպութեան անկում: Այս սխալ պատկերացումը հաւանաբար առաջ եկած է հիւանդութեան…