ԿԱՆԱՉ ԼՈՅՍ ՃԱՂԱՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՋԻՆ ԴԵՂԱՀԱՏԻՆ
Վերահսկիչ մարմիններ կանաչ լոյս տուած են ճաղատնալու դէմ պայքարի միջոցի մը, որ կրնայ վերականգնել մազերը: Փորձերը ցոյց տուած են, որ դեղահատին ամէնօրեայ օգտագործումը կրնայ գրեթէ լիովին չէզոքացնել այն վիճակը, որուն պարագային մազերը կը թափին խուրձերով: Պարիսիթինիպ (baricitinib) դեղահատը արդէն կ’օգտագործուի Մեծն Բրիտանիոյ Առողջապահութեան ազգային համակարգին կողմէ` շարք մը հիւանդութիւններու բուժման համար, ներառեալ յօդացաւը, մորթատապը եւ…