ՎԱԽԸ ԱՏԱՄՆԱԲՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան Ամէնէն վախազդու մասնագիտութիւններէն մէկը մինչեւ այսօր, մանաւանդ բժշկական ասպարէզին մէջ տակաւին կը շարունակէ մնալ ատամնաբուժութիւնը։ Հակառակ անոր որ ներկայիս այս մասնագիտութիւնը բաւական զարգացած է, ներկայ ատամնաբուժական գործիքները աւելի քիչ ցաւ ու վախ կը պատճառեն, ցաւազրկիչ միջոցները հիմա աւելի ազդեցիկ են, սակայն տակաւին շատ մը մարդիկ մեծ վախ ունին ատամնաբուժներէն իսկ ոմանց քով…