ԵԹԷ ՄԻԶԵԼՈՒ ԱՏԵՆ ԿԸ ՉԱՐՉԱՐՈՒԻՔ
Փամփշտատապը (սիսթիթ) անծանօթ հիւանդութիւն մը չէ. ան կրնայ յառաջ գալ այրերու, կիներու, չափահասներու եւ ծերերու մօտ: Իրականութեան մէջ, փամփշտատապը առանձինն հիւանդութիւն մը չէ. ան ոչ թէ ախտանշան մը, այլ իրարմէ տարբեր եւ մէկէ աւելի ախտանշաններու ամբողջութիւն (սենտրոմ) կրնայ ըլլալ: Հիւանդութեան երկու գլխաւոր նշաններն են՝ յաճախամիզութիւնը («բոլաքիիւրի») եւ ցաւը: Ասոնց կ’ընկերանայ նաեւ մէզի բնական երեւոյթի…