ԹՈՔԻ ՔԱՂՑԿԵՂԸ 20 ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՂ ՆՈՐ ԳԻՒՏ ՄԸ
Ամերիկեան «MIT» համալսարանի արհեստագէտները պատրաստած են ախտորոշիչ մասնիկներ, որոնք ներշնչուելով կրնան ճանչնալ թոքերու քաղցկեղին առնչուած սպիտակուցները: Այս նորարարական միջոցառումը կրնայ յանգիլ թոքերու քաղցկեղի աւելի արագ եւ կանուխ յայտնաբերումին: Փրոֆ. Սանկիթա Պհաթիա, որ «John and Dorothy Wilson» անուան առողջապահական գիտութիւններու եւ արհեստագիտութեան, ինչպէս նաեւ՝ ելեկտրական եւ համակարգչային գիտութեանց փրոֆէսոր է «MIT»-ի մէջ, կը բացատրէ, թէ այս…