ՍԻԱԹԻՔ

ՏՈՔԹ. ՏԻԳՐԱՆ ԳԱՎԱՖԵԱՆ Ժողովուրդին մէջ ընդհանրացած այս բառն է, որ կը գործածենք իբր վերնագիր. թէեւ սիաթիք բառը ջիղի մը անունն է պարզապէս. անոր ցաւը բժիշկները կը կոչեն «նեւրալժի սիաթիք», որ կամացկամաց կրճատուած է, ժողովրդական լեզուի մէջ: Սիաթիքը կը տեսնենք, ընդհանրապէս, երեսուն տարիքը անց անձերու քով: Թէեւ հիւանդը պաղը կամ խոնաւութիւնը պատճառ կը բռնէ իր ցաւերուն,…