ՔԱՂՑԿԵՂԸ ԿԱՐԵԼԻ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԿԱՆՈՒԽԷՆ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԵԼ ԱՐԵԱՆ ՔՆՆՈՒԹԵԱՄԲ

Հետազօտողները ձեւակերպած եւ վաւերացուցած են մեքենայական ուսուցման (բազմաթիւ ալկորիթմներ մէկտեղող «software» մը կամ «program» մը) մեթոտ մը, որուն ճամբով անոնք կրնան կանուխէն յայտնաբերել քաղցկեղը` աւելի փոքր արեան նմուշներու միջոցով, կը յայտնէ նոր ուսումնասիրութիւն մը, որ հրապարակուած է «Science Translational Medicine» ամսաթերթին մէջ, 24 Յունուար 2024-ին: «Բազմաթիւ փաստեր ցոյց կու տան, որ քաղցկեղը, երբ ուշ յայտնաբերուի,…