ԱՍՊԻՐԻՆԻ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ՏԱՐԱԾՈՒԱԾ ՀԱԿԱՌԱԿ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐՈՒՆ
Ասպիրինը, զոր կարելի է գնել առանց դեղագիրի, լայնօրէն կ’օգտագործուի ցաւազրկումի եւ տաքութիւնը նուազեցնելու համար: Ան նաեւ կարեւոր դեր կը խաղայ արեան մակարդումը կանխարգիլելու: Պատմականօրէն, ամէնօրեայ ասպիրինը առաջադրուած է որպէս սրտանօթային հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու հիմնական միջոց տարեցներու մօտ: Սակայն, վերջին ուսումնասիրութիւնները եւ նոր ուղեցոյցները զգալիօրէն փոխած են այս տեսակէտը: «Annals of Internal Medicine» ամսաթերթին մէջ…