ԳԱՅԼԱՑԱՒ (MUMPS)

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Լորձունքաբեր գեղձերու ժահրային բորբոքումը յաճախակի է, եւ ունկնագեղձերը (parotid gland) շատ աւելի հակամէտ են այս ժահրային բորբոքումին, որ կը կոչուի խոզուկ, ունկնախտ, ունկնակ, եւ կամ՝ գայլացաւ (mumps)։ Ունկնագեղձերը երկու հատ են, իւրաքանչիւրը կը գտնուի դէմքին մէկ կողմը, ականջի յառաջամասին եւ ծնօտին վրայ, եւ կազմուած է երկու մասերէ՝ մակերեսային եւ խորունկ բլթակներէ (lobe)։…