Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԳԻՏՆԱԼ ՄԻԿՐԷՆԻ (MIGRAINE) ՄԱՍԻՆ

Միկրէնը (Migraine) նեարդաբանական բարդ վիճակ մըն է, որ յաճախ կը բնութագրուի ծանր, բաբախող գլխացաւերով, որոնց կրնան ընկերանալ սրտխառնուք, գլխապտոյտ եւ լոյսի նկատմամբ զգայունութիւն: Միկրէնը ընդհանրապէս կ’ըլլայ փուլային, որ կրնայ տեւել քանի մը օր, կ’ազդէ առօրեայ կեանքին վրայ` դժուարացնելով աշխատիլը կամ սորվիլը: Սակայն, ոչ բոլոր միկրէնները կ’ընդգրկեն գլխացաւեր. պարագայէ պարագայ կը տարբերի իր ախտանշան-ներով եւ յաճախականութեամբ:…

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ ՀԻՒԱՆԴԱԳԻՆ ՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ԿՐՆԱՆ ՎԵՐԱԾՈՒԻԼ

  Թուայնացած հաղորդակցութեան այս դարաշրջանին, ընկերային ցանցերը միահիւսուած են մեր առօրեային հետ: Facebook-ի, Instagram-ի, X-ի եւ TikTok-ի նման հարթակներ ակնթարթային արագութեամբ մեզ կ’առաջնորդեն դէպի լուրերու, նորութիւններու աշխարհը, կ’իրազեկեն, կը զուարճացնեն ու կը ստեղծեն նոր բարեկամութիւններ: Սակայն, ժամանակակից արհեստագիտութեան եւ կապի ճամբով ապահովուած դիւրութիւններուն եւ հասանելիութեան երեւոյթին զուգահեռ կը զարգանայ այլ մտահոգութիւն մը. կախեալութիւն ընկերային ցանցերէ,…