ՃԱՓՈՆԻ ՄԷՋ ՕՐԱԿԱՆ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ ԽՆԴԱԼՈՒ ՊԱՐՏԱԴԻՐ ՕՐԷՆՔ

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՆԿԱՏԱՌՈՒՄՆԵՐՈՎ Իւրայատուկ քայլով, որ մեծ հակասութիւններու դուռ բացած է, Ճափոնի Եամակաթա մարզի տեղական իշխանութիւնները վերջերս հրապարակած են օրէնք մը, որ կոչ կ’ուղղէ ժողովուրդին օրական առնուազն մէկ անգամ խնդալու: Օրէնքը նաեւ կը պահանջէ ընկերութիւններէն «զարգացնել խնդուքով լեցուն աշխատանքային միջավայր մը», եւ իւրաքանչիւր տարուան 8 օգոստոսը կը սահմանէ որպէս խնդուքի օր: Օրէնքը կը նշէ, որ կատարուած…