ՍՆՈՒՆԴԻ ԲԱՂԱԴՐԱՄԱՍԵՐՈՒ ՀԱՄԱՌՕՏ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Հակաօքսիտացնողներ (Antioxidants) Բջիջներուն թաղանթները կազմող կենսական ճարպերը «ազատ» ռատիքալներու կողմէ կ’ենթարկուին օքսիտացումի, քայքայման՝ յառաջացնելով նիւթափոխանակութեան խանգարումներ։ Օքսիտացումը կանխող ազդակները անթիօքսիտանթներն են, որոնք կ’ըլլան բնական կամ արուեստական։ Անոնք կը դանդաղեցնեն կամ կ’արգիլեն թթուածինի այրող յատկութիւնը, հետեւաբար՝ օքսիտացումը։ Հակաօքսիտացնող յատկութեամբ օժտուած են «Vit. C, E, A», քարոթինը, ֆլաւոնոիտները, միքրօ-էլեմաններէն՝ զինքը, մակնիզիումը, սէլենիումը, պղինձը,…