Աղիքներու քաղցկեղի զարգացման հաւանականութիւնը կ՚աւելնայ տարիքի հետ, սակայն անիկա կը յայտնուի նաեւ երիտասարդներու մօտ: Քաղցկեղի այս տեսակին զարգացման նպաստող հիմնական գործոններն են սխալ կենսակերպը, ֆիզիքական շարժումի սակաւութիւնը, նստակեաց աշխատանքը, անառողջ սննդեղէնի եւ ալքոլի գործածութիւնը, ինչպես նաեւ՝ թարմ պտուղներու եւ բանջարեղէնի պակասը:
Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, հաստ աղիքի քաղցկեղը ամէնէն աւելի տարածուած քանսերային հիւանդութիւններէն մէկն է, ուստի անոր ախտնշաններուն ծանօթանալը բաւական կարեւոր է: Ձեր ուշադրութեանն կը յանձնենք 6 ախտանշաններ, որոնք կրնան յուշել աղիքի քաղցկեղի առկայութիւնը:
Հեմոկլոպինի ցած մակարդակ
Արեան մէջ հեմոկլոպինի մակարդակին նուազումը եւ արեան տկարութեան զարգացումը կրնան պայմանաւորուած ըլլալ ներքին արիւնահոսութեամբ, որ իր կարգին կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ հաստ աղիքի քաղցկեղով: Մասնագէտներու համաձայն, այս ախտանշանը ի յայտ կու գայ ուռուցքի յառաջացումէն գրեթէ անմիջապէս ետք:
Հեւոց
Աղիքներուն մէջ յառաջացած ուռուցքները կը պատճառեն ներքին արիւնահոսութիւն, որուն հետեւանքով թթուածինի քանակը կը պակսի արեան մէջ: Ասիկա հետեւանք է այն իրողութեան, որ փլազմայի մակարդակին բարձրացման պատճառով արիւնը կը ջրի-կանայ եւ կը նուազի կարմիր գնդիկներուն եւ երկաթին մակարդակը:
Արտաթորանքի հետ կապուած փոփոխութիւններ
Կղանքի գոյնի, ձեւի, քանակի փոփոխութիւնը կրնայ ցոյց տալ աղիքներու մէջ ուռուցքներու յառաջացումը: Քաղցկեղի սկզբնական փուլերուն մասին կրնան ցուցանիշ ծառայել կղանքի մութ գոյնը եւ լորձային զանգուածը: Տակաւին, շատերու մօտ արտաթորանքը սուր եւ սաստիկ տհաճ հոտ կ՚ունենայ, երեւոյթ մը՝ որ պայմանաւորուած չէ ճաշի տեսակին եւ մարսողութեան հետ:
Պնդութիւն
Յաճախակի եւ աւելի երկարատեւ պնդութիւնը կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ աղիքներուն մէջ խանգարող որոշ պատճառի առկայութեամբ, որ թոյլ չի տար, որ սնունդի մնացորդները դուրս գան մարմնէն:
Անկառավարելի գործընթացներ
Աղիքներու քաղցկեղը շատ հաւանաբար սկզբնական փուլերուն որեւէ ձեւով յայտնի չընէ, ուստի կարեւոր է շատ ուշադիր ըլլալ: Մասնագէտներու կարծիքով, ոչ մէկ պարագայի պէտք է անտեսել կարգ մը ախտանշաններ, ինչպէս՝ կազերը պահելու դժուարութիւն, փորափքանք, ինչպէս նաեւ՝ աղիքները պարպելու սաստիկ, անբացատրելի փափաք, որ յաճախ կեղծ կ՚ըլլայ:
Գունատութիւն ու յոգնածութիւն
Աղիքներուն մէջ զարգացող ուռուցքը ընդհանրապէս կը վնասուի աղիքներուն աշխատանքին պատճառով: Միաժամանակ կը վնասուին ուռուցքին երակները, ինչ որ պատճառ կը դառնայ արիւնահոսութեան: Այդ արիւնահոսութեան եւ արեան կորուստին հետեւանքով, հիւանդները յաճախ կ՚ըլլան գունատ եւ շուտ կը յոգնին, ինչպէս նաեւ՝ յաճախ կը նկատուի զարկերակային ճնշումի անկում: