ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՏՈՔԹ․ ԱՅՏԱ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ
Մեր ամէնօրեայ շփումներուն ընթացքին, յաճախ կը լսենք մեզ շրջապատողներէն թէ շուտով պիտի վիրահատուին կամ արդէն վիրահատուած են, որովհետեւ ունեցած են տեսողութեան որոշ նուազում, որ կարելի չէ եղած սրբագրել ակնոցներով:
Ոսպնեակը մեր աչքի գունաւոր հատուածին ետեւ գտնուող եւ բացարձակ թափանցիկ մասն է. ոսպնեակին միջոցով լոյսի ճառագայթը կը թափանցէ եւ կը հասնի ցանցենիին (re-tina), որմէ ետք ստացուած պատկերը կ՚ընկալուի ուղեղին մէջ գտնուող տեսողական կեդրոնին կողմէ: Փաստօրէն, յստակ պատկեր մը տեսնելու համար, աչքի ոսպնեակը, ցանցենին եւ մինչեւ ուղեղի տեսողական կեդրոն երկարող հատուածը պէտք է ըլլան առողջ:
Ոսպնեակի պղտորումը աստիճանաբար խորացող տեսողութեան խանգարումն է, այսինքն հոլովոյթը կ՚երկարի տարիներու վրայ: Սկիզբը զայն կարելի կ՚ըլլայ հակակշռել ակնոցներով եւ սենեակներու լուսաւորումը զօրացնելով: Աւելի ուշ, ակնոցները եւ լուսաւորումը ա՛լ չեն օգներ տեսողութեան եւ պղտորած ոսպնեակի փոխարինումը արուեստական ոսպնեակով կը մնայ միակ լուծումը վերագտնելու տեսողութիւնը:
Սովորաբար, ոսպնեակի պղտորումը կ՚արտայայտուի վաթսունը անց մեծահասակներուն քով, սակայն յաճախ անիկա կը յայտնըւի աւելի փոքր տարիքի անձերու մօտ: Կան նաեւ ի ծնէ ոսպնեակի պղտորումի պարագաներ, որոնք զուգորդուած կ՚ըլլան ժառանգական այլ հիւանդութիւններու կամ ներարգանդային վարակումներու հետ:
Ոսպնեակի պղտորումին պատճառները շատ են, օրինակ, աչքի տարած վիրահատութիւն, աչքի վնասուածք, երկարատեւ արեւի անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու թափանցում եւ շաքարախտ կ՚աւեցնեն ոսպնեակի պղտորումին հաւանականութիւնը:
Երբ անձին ոսպնեակը սկսի պղտորիլ, տուեալ անձը կը սկսի պատկերները տեսնել մշուշոտ, այնպէս ինչպէս երբ շատ աղտոտ պատուհանէ մը դուրս կը նայինք: Անձը կը դադրի զատորոշելէ գոյներու նուրբ երանգները: Տեսողական նման խանգարում իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մարդու ամէնօրեայ գործունէութեան վրայ: Բարեբախտաբար, տեսողութիւնը սրբագրելը կարելի է եւ վիրահատութիւնը մատչելի է գրեթէ բարդութիւններ չունի: Գործողութենէն ետք, ենթական կը վերագտնէ նախկին երբեմնի յստակ տեսողութիւնը: Մինչեւ գործողութեան որոշում կայացնելը, ակնաբուժը մանրամասն կը հետազօտէ աչքը եւ երբ բացառէ այլ խանգարող հիւանդութիւններու առկայութիւնը՝ կ՚որոշէ վիրահատել: Ցանցենիի հիւանդութիւն, ներակնային բարձր ճնշում եւ այլ վիճակներ կը խոչընդոտեն գործողութեան բարեյաջող ընթացքը եւ կը ստիպեն ակնաբուժին նախ զբաղիլ այլ վիճակներու կարգաւորմամբ եւ ապա դիմել վիրահատութեան:
Ոսպնեակի պղտորումը կարելի է կանխել վիթամինային առատ բանջարեղէն եւ պտուղ ուտելով, շաքարախտի բուժման ճիշտ հետեւելով եւ աչքը պաշտպանելով անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն՝ կրելով արեւի ակնոցներ:
Վերջերս, զոյգ երկուորեակներ ծնած են ոսպընեակի պղտորումով: Հետազօտութիւններու շնորհիւ, գիտնականները յայտնաբերած են, որ նորածիններու մարմնին մէջ կը բացակայի քորդիզոնանման նիւթ մը: Գիտնականները յաջողած են ստեղծել այդ նիւթի նմանակ դեղը եւ զայն փորձարկած ոսպնեակի պղտորումէ տառապող կենդանիներու վրայ եւ ի ուրախութիւն՝ նկատած են որ պղտորած ոսպնեակները վերագտած են իրենց թափանցիկութիւնը: Այս ուսումնասիութիւնները ապագայի յոյս կը ներշնչեն՝ կարելի դարձնելով ոսպնեակի պղտորութեան
սրբագրումը կաթիլներու միջոցով: