ԹԱՄԱՐ ԱԲՈՎԵԱՆ – ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ
Պատուաստումը ապահով եւ արդիւնաւէտ ձեւ մըն է հիւանդութիւններ կանխարգիլելու եւ կեանքեր փրկելու համար: Այսօր, պատուաստներ գոյութիւն ունին մեզ պաշտպանելու բազմաթիւ հիւանդութիւններէ: Պատուաստուելով՝ կը պաշտպանենք ոչ միայն մենք մեզ, այլ՝ մեր շուրջ գտնուողները:
Պսակաձեւ ժահրի (COVID 19) համավարակի այս օրերուն, պատուաստումը կը նկատուի խիստ կարեւոր: COVID 19 ժահրը դիմագրաւելու նպատակով, աշխարհի չորս կողմէն գիտնականներ սկսած են շարք մը պատուաստներ մշակել: Այս պատուաստները մարմինի դիմադրողական համակարգին կը «սորվեցնեն» ապահովապէս ճանչնալու եւ արգելափակելու COVID 19-ը պատճառող ժահրը:
Տարբեր տեսակի COVID 19-ի պատուաստներ կ՚ընդգրկեն.
– Ոչ աշխոյժ կամ տկարացուած ժահրային պատուաստներ, որոնք հիւանդութիւն չեն պատճառեր, բայց եւ այնպէս կը յառաջացնեն դիմադրողական հակազդեցութիւն կամ ախտամերժութիւն:
– Սպիտակուցային հիմքով պատուաստներ, որոնք կ՚օգտագործեն ոչ վնասակար սպիտակուցներու կտորներ, որոնք կը կապկեն COVID 19 ժահրը՝ ապահով կերպով յառաջացնելու դիմադրողական հակազդեցութիւն:
– Ժահրային «վեքթորի» պատուաստներ, որոնք կ՚օգտագործեն «ճենեթիքօրէն» մշակուած ժահր մը, որ հիւանդութիւն չի պատճառեր, բայց կ՚արտադրէ պսակաձեւ ժահրային սպիտակուցներ, որպէսզի յառաջացնեն դիմադրողական հակազդեցութիւն:
– RNA եւ DNA պատուաստներ, որոնք կ՚օգտագործեն «ճենեթիքօրէն» մշակուած RNA կամ DNA, որպէսզի յառաջացնէ սպիտակուց մը, որ ինքնին ապահով կերպով ախտամերժութիւն կը յառաջացնէ:
Pfizer-BioNTech
Pfizer-BioNTech արտադրութեամբ BNT-162b2 code-անունը կրող պատուաստը mRNA «նոր» տեսակի պատուաստ մըն է, որ կ՚ընդգրկէ տկարացուած կամ ոչ աշխոյժ ժահրը եւ ներարկուելով մարմինին մէջ՝ անհատը կը պաշտպանէ վարակիչ հիւանդութենէն:
Մեր մարմնին դիմադրողական հակազդեցութիւնն է, որ հակամարմիններ կ՚արտադրէ եւ անհատը կը պաշտպանէ վարակուելէ, երբ իսկական ժահրը մարմին մուտք գործէ:
Ուրեմն, mRNA պատուաստը ողջ ժահրը (որ COVID 19 կը պատճառէ) չ՚օգտագործեր: Անիկա որեւէ ձեւով փոխազդեցութիւն չ՚ունենար մեր DNA-ին վրայ, որովհետեւ կորիզ մուտք չի գործեր, ուր մեր DNA-ը գոյութիւն ունի:
Moderna COVID-19
Moderna COVID 19 պատուաստը, mRNA-1273 code-անունով, պատրաստուած է Միացեալ Նահանգներու «Էլըրճի»-ի եւ Վարակիչ Հիւանդութիւններու Ազգային Հաստատութեան, Biomedical Advanced Research and Development Authority-ին, եւ Moderna-ին կողմէ:
SARS-CoV-2, ժահրը, որ COVID 19-ն կը պատճառէ, կը պարունակէ չորս կառուցային «փրոթէին», որ կ՚ընդգրկէ «սփայք»-ը, պատեանը, մաշկը եւ «նիւքլէօքէփսիտ» սպիտակուցները: Սակայն, Pfizer եւ Moderna պատուաստները միայն կը պարունակեն «սինթէթիք» կերպով պատրաստուած coronavirus-ի «սփայք» ճինը:
Տարբերութիւններ եւ նմանութիւններ Pfizer եւ Moderna պատուաստներուն միջեւ
Pfizer
– 2 ներարկում՝ 21 օրուան տարբերութեամբ:
– Կը յանձնարարուի 16 տարեկան եւ վեր անձերու:
– 95%-ով արդիւնաւէտ է COVID 19-ը կանխելու մէջ՝ անոնց պարագային, որոնք նախապէս չեն վարակուած COVID 19-ով:
– Ընդհանուր կողմնակի ազդեցութիւններն են ցաւ, ուռեցք, դող, կարմրութիւն՝ ներարկուած տեղը, յոգնածութիւն, գլխացաւ եւ ցաւ ամբողջ մարմնի տարածքին:
– Սովորաբար, կողմնակի ազդեցութիւն-ները կը սկսին պատուաստը ստանալէն 1-2 օր ետք:
Pfizer պատուաստը կրնայ պահուիլ ծայրայեղ պաղ սառցարանի մէջ -80 C եւ -60 C-ի միջեւ:
Moderna
– 2 ներարկում՝ 28 օրուան տարբերութեամբ:
– Կը յանձնարարուի 18 տարեկան եւ վեր անձերու:
– 94.1%-ով արդիւնաւէտ է COVID 19-ը կանխելու մէջ՝ անոնց պարագային, որոնք նախապէս չեն վարակուած COVID 19-ով:
– Ընդհանուր կողմնակի ազդեցութիւններն են ցաւ, ուռեցք, դող, կարմրութիւն ներարկուած տեղը, յոգնածութիւն, գլխացաւ եւ ցաւ ամբողջ մարմինը:
– Սովորաբար, կողմնակի ազդեցութիւնները կը սկսին պատուաստը ստանալէն 1-2 օր ետք:
«Ալերժիք» ախտանիշներ ի յայտ կրնան գալ պաուաստի ներարկումէն 15-30 վայրկեան ետք, բայց կարգ մը պարագաներու, ախտանիշները կրնան յայտնուիլ քանի մը ժամ ետք:
Moderna պատուաստը կրնայ պահուիլ սառցարանին մէջ -25 C եւ -15 C-ի միջեւ:
Sinopharm
Չինաստանի Պայոլոճիքըլ Արտադրութիւններու Պէյճինկ Հաստատութիւնը ստեղծած է ոչ աշխոյժ պսակաձեւ (քորոնա) ժահրի պատուաստ մը, որ կը կոչուի BBIBP-CorV:
Sinopharm պետական ընկերութեան «քլինիքական» փորձերը ցոյց տուած են, որ պատուաստը արդիւնաւէտ է 79%-ով: Չինաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած ըլլալով այս պատուաստին` շուտով սկսած է արտածել այլ երկիրներ:
BBIBP-CorV-ն կը «սորվեցնէ» դիմադրողական համակարգին՝ հակամարմիններ պատրաստել SARS-CoV-2 պսակաձեւ (corona) ժահրին դէմ: Հակամարմինները կը փակչին ժահրային սպիտակուցներուն ինչպէս՝ «սփայք փրոթէին»ներուն, որ ցօղի պէս կ՛իջնեն մակերեսին վրայ:
BBIBP-CorV պատրաստելու համար, Պէյճինկ Հաստատութիւնը առած է քորոնա ժահրի երեք տարբերակ չինական հիւանդանոցներու մէջ գտնուող հիւանդներէ: Անոնք ընտրած են տարբերակներէն մէկը, որովհետեւ անիկա կրնար շատ արագ կրկնապատկուիլ կապիկներու երիկամի բջիջներուն մէջ (bioreactor տակառներու մէջ աճած):
Անգամ մը, որ ուսումնասիրողներ արտադրած են մեծ քանակութեամբ քորոնա ժահրեր, տկարացուցած են betapropiolactone քիմիականով: Բաղադրութիւնը անաշխատունակ դարձուցած է պսակաձեւ ժահրը՝ կապուելով անոր «ճին»երուն: Ոչ աշխոյժ քորոնա ժահրը այլեւս կարողութիւնը չ՚ունենար կրկնօրինակուելու:
Sinopharm պատուաստը պէտք չունի շատ պաղ ջերմաստիճանի՝ պահուելու համար:
Oxford-AstraZeneca
70% արդիւնաւէտ այս պատուաստը պատրաստուած է «շէմփանզէներու» adenovirus-էն: Անգամ մը որ կը ներարկուի, անիկա կը «սորվեցնէ» դիմադրողական համակարգին ինչպէս դիմագրաւել իսկական ժահրը:
Oxford պատուաստը կ՚օգտագործէ անվնաս ժահր մը, որպէսզի փոխադրէ նոյն genetic նիւթը մարմինին: Այս պատուաստը պէտք չունի շատ պաղ ջերմաստիճանի՝ պահուելու համար:
– Oxford-AstraZeneca-ն կը տրուի 2 ներարկումով՝ մէկ ամսուան տարբերութեամբ:
– Ընդհանուր կողմնակի ազդեցութիւններն են ցաւ ներարկուած տեղը, տաքութիւն, մկանային ցաւեր, գլխացաւ:
Sinovac
Պէյճինկի Sinovac ընկերութիւնն է CoronaVac-ին ետին գտնուողը, որ պատուաստներու պատրաստութեան աւանդական ձեւը օգտագործելով ստեղծած է այս պատուաստը:
Johnson & Johnson
Janssen Pharmaceutical ընկերութիւններուն կողմէ պատրաստուած ժահրային «վեքթորի» այս պատուաստը 66%-ով արդիւնաւէտ է, որ մէկ ներարկումով կը տրուի: Անիկա պէտք չունի պաղ ջերմաստիճանի՝ պահուելու համար:
Gamaleya (Sputnik V)
Gamaleya National Center of Epidemiology եւ Microbiology-ի կողմէ արտադրուած 92% արդիւնաւէտ ռուսական ժահրային «վեքթորի» այս պատուաստը 2 ներարկումով կը տրուի: Անիկա պէտք չունի պաղ ջերմաստիճանի՝ պահուելու համար: