ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ
COVID-19-ի բռնկումէն ի վեր, (2019-ի վերջաւորութեան), աշխարհը դէմ յանդիման եղած է ժահրին առնուազն 3 տարբերակներուն՝ Alpha (Մեծ Բրիտանիա -> 50%-ով աւելի արագ փոխանցուող) եւ Beta (Հարաւային Ափրիկէ-> 50% ով աւելի արագ փոխանցուող) եւ Delta (Հնդկաստան, Պրազիլ- > 60%-ով աւելի արագ փոխանցուող եւ պատուաստներու արդիւնաւէտութեան նուազում, երբ հարցը վերաբերի Plus Delta տարբերակին):
Այս տարբերակները նոյն ժահրին տարբեր դրսեւորումներն են, որոնց ծիները քիչ մը փոխուելով՝ կամ կը տկարացնեն (virulence) նոր տարբերակը կամ նոր թափ կու տան անոր տարածման: Թէեւ այլ տարբերակներ ալ յայտնաբերուած են, բայց տկարացած ըլլալով հոս չեն նշուած: Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը կը նշէ միայն այն տարբերակները, որոնք կ՚ազդեն ժահրին հետ մեր յարաբերութեան վրայ, դարմանումի միջոցներուն, ինքնամեկուսացումին եւ այլն: Տակաւին, որքան ժահրը իր ներկայութիւնը զգալի կը դարձնէ, այնքան հաւանական կը դառնայ անոր փոփոխուած տարբերակումը:
Ինչպէս կը տեսնենք, քանի որ 1,5 տարուան ընթացքին այս մէկ ժահրին բազմաթիւ տարբերակները երեւան եկած են, կարելի է ըսել, որ կարծէք ժահրերը միշտ կը փոփոխուին, կը փոխեն իրենց ծինային համակարգը, պարզապէս գոյատեւելու եւ չէզոքացնելու թէ՛ բնութեան արգելքները, եւ թէ մարդկային ախտամերժութիւնը: Բոլոր ժահրերը վերանորոգ տարբերակներ կը զարգացնեն (mutate), օրինակ՝ բոլորիս ծանօթ կռիփի ժահրը: Ան ամէն տարի կը փոխէ իր մակերեսային սպիտակուցները մանր վերանորոգման միջոցով, հետեւաբար, տարուան մը պատուաստանիւթը (FluVax) կը դառնայ անօգուտ յաջորդ տարուան կռիփին դէմ:
Երբ խօսքը կը վերաբերի COVID-19-ին, մենք բախտաւոր ենք: Ցարդ անոր ունեցած մանր փոփոխութիւնները շատ քիչ ազդած են անոր տարածման ուժականութեան վրայ:
Սփայք սպիտակուցները (պսակին սպիտակուցներէն դուրս) այն սպիտակուցներն են, որոնց դէմ այժմ կը գործեն առկայ մեր ԲՈԼՈՐ պատուաստանիւթերը: Ասոնք հիմնական թիրախներն են: Այս երեք տարբերակներն ալ շատ քիչ փոխած են այս սփայք սպիտակուցը, հետեւաբար, մեր պատուաստանիւթերը տակաւին մեծապէս կը պաշտպանեն երեք տարբերակներուն դէմ: Ասոնցմէ միայն Տելթա տեսակը դեռ վերջերս ենթարկուած է յաւելեալ փոփոխութեան, որ այս անգամ ազդած է սփայք սպիտակուցին վրայ, եւ կոչուած՝ Delta Plus: Այս տարբեր (S-protein) Ս-սպիտակուցը տակաւին ծանօթ է պատուաստանիւթերով տրուած մեր ախտամերժութեան համակարգին, հետեւաբար պատուաստանիւթերը դեռ կը պաշտպանեն Delta Plus-էն:
Հակառակ այն իրողութեան, որ այս տարբերակներուն վարակման ուժականութիւնը աւելի բարձր է, մասնաւորապէս Delta տարբերակի պարագային, սակայն մաքրութեան պատշաճ միջոցները եւ ընկերային հեռաւորութիւնը կը մնան ամէնէն արդինաւէտ միջոցները խուսափելու անոնց վարակումէն: Մինչեւ այսօր ազդու ոչ մէկ բուժում յայտնաբերուած է COVID-19- ի դէմ: Հետեւաբար, կանխարգիլումն ու պատուաստումը ՄԻ-ԱՅՆ իրական ելքը կը թուին ըլլալ բոլորիս համար: Իսկ PCR-ը (կրկնակի ծինային ուղղուածութիւնը) կը մնայ նաեւ COVID-19-ի բոլոր տարբերակները յայտնաբերող միակ պատշաճ միջոցը:
Եզրակացնելով, կ՚աղօթեմ եւ յոյսով եմ, որ չյայտնուին COVID-19-ի աւելի նոր տարբերակներ, ուր սփայք սպիտակուցները կրնան ճանաչելի չըլլալ մեր պատուաստանիւթերուն կողմէ, որուն պարագային, մենք կրնանք հանդիպիլ նոր եւ ծանր վարակումներու, նոյնիսկ պատուաստուածներու կամ նախապէս COVID-19-ով վարակուած մարդոց մօտ:
Կը մաղթեմ, որ իւրաքանչիւր անձ կարելի եղածին չափ շուտ ստանայ իր պատուաստանիւթը, որովհետեւ որքան շուտ, մենք այնքան արագ կրնանք միանգամընդմիշտ դադրեցնել COVID-19 այս պատմութիւնը: