Վերջին տուեալներու համաձայն, աշխարհի տարածքին աւելի քան 115 միլիոն անձ վարակուած է պսակաձեւ ժահրով, հետեւաբար հարց կը տրուի. անոնք պէ՞տք է պատուաստուին:
Երկու նոր ուսումնասիրութիւններ այս հարցին կը պատասխանեն «միանշանակ այո»-ով, եւ կը նշեն, որ այս մարդոց բաւարար է տալ պատուաստի միայն մէկ չափ՝ անոնց արեան մէջ հակամարմիններ յառաջացնելու եւ պսակաձեւ ժահրը ոչնչացնելու համար, կը յայտնէ New York Times:
Բոլոր ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, որ մարդիկ, որոնք վարակուած են Covid19-ով ու ապաքինած, պէտք է պատուաստուին, բայց պատուաստի մէկ չափը կրնար բաւարար նկատուիլ: «Կը կարծեմ, որ տրամաբանական եզրակացութիւն է այն, որ անոնք որոնք նախապէս վարակուած են Covid-ով, պատուաստի մէկ չափ՝ տրուած մէկ անգամով բաւարար է անոնց համար», – կ՚ըսէ Ճենիֆէր Ժոմըրմէն, Թորոնթոյի համալսարանի ախտամերժութեան մասնա-գէտը:
Ինչ կը վերաբերի մէկ չափ տալու պատճառներուն, նոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ մարդու դիմադրողականութիւնը բնական վարակումի նկատմամբ խիստ փոփոխական է, եւ նախապաէս վարակուած մարդոց մեծամասնութիւնը կ՚ու-նենայ մեծ քանակութեամբ հակամարմիններ, որոնք կը մնան քանի մը ամիս: Բայց Covid-ի մեղմ կամ առանց ախտանիշի պարագաներուն, մարդիկ կը զարգացնեն փոքր քանակութեամբ հակամարմիններ, որոնք արագօրէն կը նուազին:
Վերջին ուսումնասիրութիւնները, որոնք դեռ չեն հրապարակուած գիտական որեւէ ամսագրի մէջ, ուսումնասիրած են Covid19-ի հիւանդութիւն ունեցող մարդոց արեան նմոյշները: Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ անոնց ախտամերժութեան դրութիւնը դժուարութիւն կ՚ունենար պաշտպանուելու B.1.351 ժահրին դէմ, որ առաջին անգամ նշմարուեցաւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ:
Սակայն Pfizer կամ Moderna պատուաստ-ներու մէկ չափը կտրուկ փոխած է պատկերը: Անոնք հազար անգամով կրկնապատկած են հակամարմիններու քանակը արեան մէջ, կը նշեն ախտաբաններ Andrew McGuire եւ Fred Hutchinson, որոնք կը ղեկավարէին ուսումնասիրութիւնները:
Ըստ New York Times-ի, եզրակացութիւնը այն է, որ հակամարմինները աւելի լաւ կը գործեն այն մարդոց մօտ, որոնք վարակուած ու մէկ չափ պատուաստ ստացած են, քան անոնց մօտ, որոնք Covid չեն ունեցած եւ պատուաստի երկու չափ ստացած են: