«Մոտերնա» (Moderna Laboratories) ընկերութեան գործադիր ընդհանուր տնօրէն Ստեֆան Պանսել ֆրանսական AFP լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը մէջ յայտարարեց, որ մորթի քաղցկեղը դարմանելու միտող՝ ընկերութեան կողմէ մշակուած պատուաստը կրնայ համապատասխան մարմիններու հաւանութիւնը ստանալ 2025- ին: «Մենք կը կարծենք, որ այս պատուաստը որոշ երկիրներու մէջ պիտի արժանանայ շտապ հաւանութեան՝ 2025-էն առաջ իսկ», – ըսաւ ան՝ աւելցնելով, «այս պատուաստը չէ նախատեսուած կանխելու հիւանդութեան զարգացումը, ինչպէս աւանդական պատուաստը, այլ կրնայ բուժել զայն, երբ յայտնուի, թէեւ ան կ’օգտագործէ նոյն սկզբունքը. զօրացնել մարմնին դիմադրողականութիւնը»:
Ըստ Պանսելի, բուժական պատուաստները այսօր իրական յոյս կը ներշնչեն քաղցկեղային ուռերու դարմանումին՝ իբրեւ ախտամերժ դեղամիջոցներու նոր սերունդը: Նման դեղերու առաջին սերունդը յատկապէս կը ներկայացնէ աւելի ընթացիկ դեղերը, ինչպէս՝ «Keytruda»ն, մշակուած «Merck» ընկերութեան կողմէ (ծանօթ «MSD» անունով Միացեալ Նահանգներէն եւ Գանատայէն դուրս): Նորաստեղծ պատուաստին փորձարկումները կը նկատուին շատ խոստմնալից:
Այս պատուաստը իրագործուած է «RNA» արհեստագիտութեան կիրարկումով, որուն արդիւնաւէտութիւնը փաստուեցաւ քորոնա ժահրի ժամանակ «Moderna COVID-19» պատուաստով: Շուրջ 160 յառաջացած մորթի քաղցկեղէ («melanoma») տառապող հիւանդներու վրայ կատարուած փորձարկումներուն ընթացքին պատուաստին օգտագործումը հակաքաղցկեղային «Keytruda» դեղին առընթեր, երեք տարուան ընթացքին 49% տոկոսով պակսեցուցած է քաղցկեղի կրկնութեան կամ մահացութեան պարագաները:
Moderna ընկերութիւնը (որուն հիմնադիրներէն է լիբանանահայ Նուպար Աֆէեան) անցեալ տարի արդէն հրապարակած էր իր երկամեայ փորձարկումներուն արդիւնքները, որոնք ցոյց կու տային վտանգի նուազումը 44 տոկոսով: «Ողջ մնալու համեմատութիւններու տարբերութիւնը հետզհետէ կ’աճի»,- յայտնեց Պանսել: Ան ընդգծեց, թէ բուժումը, որ կ’արդիւնաւորուի «երկու անձերէ մէկուն» պարագային՝ բաղդատած անոնց, որոնք ստացած են շուկային մէջ առկայ լաւագոյն բուժումը ուռուցքաբանութեան մարզին մէջ, «բացառիկ երեւոյթ է»: Ուստի, ըստ Պանսելի, այս տուեալները կրնան արտօնել պատուաստին օգտագործումը՝ առանց սպասելու երրորդ փուլի փորձարկման արդիւնքներուն. փորձարկումը սկսած էր անցեալ յուլիսին: