ՈՐՔԱ՞Ն ԱՂ ՊԷՏՔ Է ՊԱԿՍԵՑՆԵԼ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԷՆ՝ ԶԱՐԿԵՐԱԿԱՅԻՆ ՃՆՇՈՒՄԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Սննդականոնէն աղի քանակութեան սահմանափակումը կը բարելաւէ զարկերակային ճնշումը, ցոյց կու տայ նոր հետազօտութիւն մը, հրապարակուած՝ Circulation ամսագրին մէջ: Հետազօտութեան հեղինակները առաջին անգամ ըլլալով սննդականոնին մէջ աղի (sodium) քանակութեան նուազումին պարագային, կրցած են զարկերակային ճնշման նուազումի յստակ թիւեր հաշուել: Մարդկային մարմնին մէջ, յաւելեալ աղը պատճառ կը դառնայ արիւնատար անօթներուն մէջ ջուրի յապաղումին, ինչ որ կ՚աւելցնէ սիրտի…