ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԵՐԿԱՐԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՏՈՔԹ․ ԱՅՏԱ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ Ճիշդ է որ բժշկութեան եւ դեղագիտութեան յարաճուն զարգացումը կրցաւ նկատելիօրէն նպաստել երկարակեացներու թուային եւ տոկոսային աճին, սակայն անիկա չկրցաւ այդ տարիքի մարդոց համար ապահովել համապատասխան կեանքի որակ մը: Ոսկրային հարցերը՝ կոտրուածքներ, յօդացաւ… մէկ կողմէ, յիշողութեան եւ հոգեկան խանգարումները միւս կողմէ կը զարգանան երկարակեացներու զուգահեռ եւ կեանքը կը դարձնեն անհրապոյր: Երկարակեցութեան նպաստող բժշկութիւնը…