ԹԷ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԺԱՀՐԸ ԿՐՆԱՅ ՈՉՆՉԱՑՆԵԼ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ

ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ Առանձին առած, ժահրերը մահացած նիւթեր են: Անոնք անպէտք DNA-ի կամ RNA-ի (ծինային նիւթեր) ծփացող բեկորներ են, որոնք առանձինն չեն կրնար սպաննել, բազմանալ կամ որեւէ այլ բան ընել, բացի աննպատակ շրջագայելէ, մինչեւ շրջապատի գործօններ ամբողջութեամբ կործանեն զանոնք, կամ պատահական մէկը վերցնէ զանոնք եւ հիւանդանայ: Առանց պատճառի բազմանալու իր «գործը» ընելու համար ժահրը պէտք…