ՕԳՏԱԿԱՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ԱՊԱԳԱՅ ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՐՈՒՆ

1- Յղութեան շրջանին կանոնաւորաբար այցելել առողջապահական հաստատութիւն մը. – Առնուազն չորս անգամ նախածննդեան այցելութիւն կատարել բժիշկին: – Ձեր բժիշկին հարցնել, թէ ե՞րբ անհրաժեշտ է նախածննդեան հսկողութեան նպատակով այցելութիւն կատարել: – Տեղեակ ըլլալ յղութեան վտանգաւոր նշաններուն մասին, ինչպէս՝ արիւնահոսութիւնը, բարձր ջերմը, ձեռքերու եւ ոտքերու այտուցը եւ տեսողութեան վատթարացումը։ – Անպայման ուղեկցիլ յղի կնոջ՝ բժիշկին տուած անոր…