ԽՌԿՈՑԸ ԵՒ ՔՈՒՆԻ ԿԱՆԳԸ (SLEEP APNEA)

ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Խռոցը կամ խռկոցը խռպոտ եւ կոշտ ձայն է, որ կը զարգանայ քունի ընթացքին, երբ ներշնչուած օդը կ՚անցնի շնչառական թուլցած հիւսուածքներուն ընդմէջէն, մանաւանդ թեթեւ քունէն խոր քունի անցնելու ժամանակ, երբ լեզուն ու քիմքի մկանները կը թուլնան, կ՚անշարժանան, կ՚արտադրուի հիւսուածքներու թրթռացում, հետեւաբար՝ խռկոցի բարձր ձայն: Բնական պայմաններու մէջ առողջ մարդ մը չի խռկար, սակայն տարբեր…