Ի՞ՆՉ Է ԿԱՊԻԿԻ ԾԱՂԻԿԸ, ԱՆՈՐ ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՐԴԵՕՔ ՍՊԱՌՆԱԼԻ՞Ք Է ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

ՈՒՐԿԷ՞ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ Է ԿԱՊԻԿԻ ԾԱՂԻԿԸ «Կապիկի ծաղիկ»ը իր անունը ստացած է 1958 թուականին, երբ «ծաղիկի նման հիւանդութեան երկու համաճարակ տեղի ունեցաւ կապիկներու «գաղութներու» մէջ, որոնք կը պահուէին հետազօտութեան համար», – ըսած է CDC-ն: Այնուամենայնիւ, կապիկներու հիւանդութեան հիմնական կրողը տակաւին յայտնի չէ, թէեւ «կասկած կայ, որ ափրիկէի կրծողները (առնէտներու տեսակները) փոխանցման մէջ մեծ դեր ունին»,- նշած…