ԿՐԾՔԱԳԵՂՁԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԿԱՆՈՒԽ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՄԱՆ ՄԱՄՈԿՐԱՖԻԻ ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ՄԵԿՆԱՐԿ ՎԱՆԱՁՈՐԻ ԵՒ ԳՈՒԳԱՐՔԻ ՄԷՋ

Վերջերս տեղի ունեցած է շարժական մամոկրաֆիի բացման արարողութիւնը, որուն մասնակցած են Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Գէորգ Սիմոնեանը, Լոռիի մարզպետ Արամ Խաչատրեանը, ՀՀ ԱՆ «Վ.Ա.Ֆանարճեանի անուան ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն Նարեկ Մանուկեանը, պաշտօնատար այլ անձինք, հիւրեր եւ բժիշկներ: Առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Գէորգ Սիմոնեան եւ Լոռիի մարզպետ Արամ Խաչատրեան բացման արարողութեան ընթացքին տեսակցութիւն մը ունեցած են մարզային…

ՄԱՄՈԿՐԱՖԻԻ ԱՆՎՃԱՐ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Կանխազգուշական քննութիւններ կատարելու նպատակով, Հայաստան ձեռք բերած է «մամոկրաֆի»-ի շարժական սարք մը: «Առաջին կանգառը կ՛ըլլայ Լոռիի մարզին մէջ, ուր բնակչութեան համար կրծքագեղձի անվճար քննութիւններ կը կատարուին»,- յայտարարեց առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան: Միւս կողմէ, աւելցուց նախարարը, որ Հայաստանի մարզերուն մէջ, առողջութեան պահպանութեան առաջնահերթ ծառայութիւններու բարելաւման նպատակով՝ ապահովուած են անմիջական բժշկական օգնութեան իրեղէններով օժտուած 620 պայուսակներ, որոնց…