ՄՆԱՅՈՒՆ ՄԱՐԶԱՆՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ՚ԱԶԴԷ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Կանոնաւոր մարզանքը կը նպաստէ կանխելու դրուագային յիշողութեան` անցեալի մէջ պատահած դիպուկ իրադարձութիւններու, ներառեալ` անոնց ժամանակի, վայրի եւ այլ տեղեկութիւններու մասին յիշողութեան վատթարացումը: Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Փիթսպըրկի համալսարանի (ԱՄՆ) գիտնականները: Դրուագային յիշողութիւը առաջին հերթին կը վատթարանայ տարիքի հետ: Բայց գիտնականներուն համաձայն, շաբաթը 3 անգամ կատարուող մարզանքը, առնուազն 4 ամիս տեւողութեամբ, կը փոխհատուցէ` տարիքի հետ կապուած…

Ի՞ՆՉ ՈՒՏԵԼ ՄԱՐԶԱՆՔԷՆ ԱՌԱՋ ԵՒ ՎԵՐՋ

Սննդագէտներու ուղուած ամէնէն ընթացիկ հարցերէն մէկն է. «Ի՞նչ ուտել մարզանքէն առաջ եւ վերջ»: Թէեւ պատասխանը ընդհանրապէս կախեալ կ՚ըլլայ մարզիկէն եւ մարզանքի տեսակէն, բայց կան նաեւ որոշ ընդհանուր ճշմարտութիւններ, որոնք կը վերաբերին մարզանքէն առաջ եւ ետք սպառուող սնունդին: Մի՛ շրջանցէք ածխաջրածին պարունակող ուտելիքները Ածխաջրածինը կամ ածխաջուրը (Carbo-hydrates) վառելանիւթի դերը կը կատարէ ձեր «մեքենային» համար (օրինակ՝ ձեր…