ԱՌՈՂՋԱՐԱՐ ՈՒՏԵԼ

Առողջ ապրելակերպի մասին խորհուրդներու նպատակն է բարելաւել եւ պահպանել առողջութիւնը: Այս անգամ կ՚առանձնացնենք սնունդը, որ կը նպաստէ աղիքային առողջ մանրէախումբի (microflora) կայացման: Աղիքներուն մէջ գոյութիւն ունին օգտակար եւ վնասակար մանրէներու «թագաւորութիւն»: Անոնք կը նպաստեն նիւթափոխանակութեան եւ եթէ անիկա հաւասարակշռուած է` ապա մեր մարմինը կը ստանայ անհրաժեշտ մանրէատարրերը եւ կ՚ապահովէ օրկաններու առողջ աշխատանքը, լաւ ինքնազգացողութիւնը եւ…