ՍՆՈՒՆԴԻ ԲԱՂԱԴՐԱՄԱՍԵՐՈՒ ՀԱՄԱՌՕՏ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Հակաօքսիտացնողներ (Antioxidants) Բջիջներուն թաղանթները կազմող կենսական ճարպերը «ազատ» ռատիքալներու կողմէ կ’ենթարկուին օքսիտացումի, քայքայման՝ յառաջացնելով նիւթափոխանակութեան խանգարումներ։ Օքսիտացումը կանխող ազդակները անթիօքսիտանթներն են, որոնք կ’ըլլան բնական կամ արուեստական։ Անոնք կը դանդաղեցնեն կամ կ’արգիլեն թթուածինի այրող յատկութիւնը, հետեւաբար՝ օքսիտացումը։ Հակաօքսիտացնող յատկութեամբ օժտուած են «Vit. C, E, A», քարոթինը, ֆլաւոնոիտները, միքրօ-էլեմաններէն՝ զինքը, մակնիզիումը, սէլենիումը, պղինձը,…

ՍՆՈՒՆԴԸ ԵՒ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ՏԱՐԲԵՐ ՇՐՋԱՆՆԵՐԸ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ   Կեանքի առաջին 20 տարիներուն ընդունուած սնունդը մարմինը կ’օգտագործէ որպէս շինանիւթ։ 25 տարեկանին վերջնականապէս կազմաւորուած կ’ըլլան կմախքը, մկանները եւ միւս օրկանները։ 25 տարեկանէ ետք ընդունուած սնունդը կը ծառայէ պահպանելու արդէն կազմուած մարմնի բնականոն գործունէութիւնը։ 50 տարեկանէն ետք, պէտք է սնուիլ ոչ թէ ախորժակը բաւարարելու, այլ օրկանիզմը վերակառուցելու համար։ Անհրաժեշտ է ուշադրութիւն…

ԾԱՆՕԹԱՆԱՆՔ ՍՆՈՒՆԴԻ ՏԱՐԲԵՐ ՏԵՍԱԿՆԵՐՈՒ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ   Ի՞ՆՉ Է ՀՈՒՄԱԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ Հումակերութեան ժամանակ անձը կը սնանի բուսական եւ կենդանական ծագում ունեցող սնունդով, առանց զայն ջերմային մշակման ենթարկելու։ Նախնադարեան մարդու սնանելու այս եղանակով մինչեւ օրս կը սնանին հիւսիսային որոշ ժողովուրդներ, եւ անոնք չեն հիւանդանար ժամանակակից մարդկութիւնը հիւծող, մաշեցնող հիւանդութիւններով։ Ներկայիս կան հումակերութեան շատ կողմնակիցներ, որոնց կարծիքով արեւու լոյսը պտուղներու…

ՊՍԱԿԱՒՈՐ ԺԱՀՐԻ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ՄԱՏՉԵԼԻ ԵՒ ԱՌՈՂՋ ՍՆՈՒՆԴ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Պսակաւոր ժահրի բռնկումը տակնուվրայ ըրաւ ընտանիքներու բնականոն առօրեան ամբողջ աշխարհի տարածքին: Քանի որ դպրոցները փակ են, բազմաթիւ ծնողներ տան մէջ կ՚անցընեն ամբողջ օրը` փորձելով ներդաշնակել երեխաներուն խնամքը, անոնց առցանց աշխատանքն ու այլ` մէկը միւսէն աւելի կարեւոր պարտականութիւնները: Այս պայմաններուն մէջ, նոյնիսկ «ի՞նչ եփել այսօր» հարցը կրնայ մէկ այլ մարտահրաւէր դառնալ: Աւելին, խուճապային գնումներն ու սննդամթերքի…