«ՍՈՒՐՃԻ ՄՐՈՒՐԸ»… ԱԼԶՀԱՅՄԸՐԻ ԵՒ ՓԱՐՔԻՆՍԸՆԻ «ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ» ՆՈՐ ԴԱՐՄԱՆՈ՞ՒՄ

Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ «սուրճի մրուրը» կը կանխէ ջղային դրութեան կառուցուածքի եւ աշխատանքի անկումը կամ վատթարացումը եւ հետեւաբար՝ ալզհայմըրի եւ փարքինսընի զարգացումը` փոխելով քաֆէինաթթուի («caffeic acid») ածխածնային կառուցուածքը: Այս տեղեկութիւնը լոյս տեսած է բրիտանական «Սան» օրաթերթին մէջ: «Մինչեւ հիմա ալզայմըրի կամ մտագարութեան («dementia») դեղ չկայ, թէեւ առկայ դեղերը կ’օգտագործուին մեղմելու հիւանդութեան…

ՈՐՔԱ՞Ն ՍՈՒՐՃ ՊԷՏՔ Է ԽՄԵԼ ՕՐԱԿԱՆ` ԼԵԱՐԴԻ ՆԵԱՐԴԱՑՄԱՆ ՎՏԱՆԳԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Սուրճի կանոնաւոր օգտագործումը դրական ազդեցութիւն ունի լեարդի առողջութեան վրայ եւ կը նուազեցնէ անոր հիւսուածքներուն կարծրութիւնը, ինչպէս պարզած են ամերիկացի գիտնականները: Անոնք վերլուծած են 4500 մեծահասակ ամերիկացիներու տուեալները, որոնք մասնակցած են Առողջութեան եւ սնուցման ազգային հետազօտութեան (NHANES) եւ ենթարկուած էլասթոմեթրիա ախտորոշիչ քննութեան, որ կը ճշդէ լեարդի նեարդացման աստիճանը` չափելով անոր հիւսուածքին առաձգականութիւնը: Գիտնականները կապ չեն գտած…