ԱՐԱԳ ՔՈՒՆԻ ԽԱԽՏՈՒՄԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գիտնականները պարզած են, որ «մելաթոնին»ի MT1 «ընդունիչ»-ը կարեւոր դեր կը խաղայ արագ քունի (REM-Rapid Eye Move-ment) կարգաւորման հարցին մէջ։ Այս յայտնագործութիւնը կրնայ օգնել քունի խանգարումներու եւ անոնց հետ կապուած ջղային-հոգեկան հիւանդութիւններու բուժման, գրած է Journal of Neuroscience-ը։ Արագ քունի (REM-քուն) ժամանակ ուղեղին մէջ կը նուազի նորատրենալին «յառաջացնող» ջղաբջիջներու աշխուժութիւնը։ Անոնք կը գտնուին «երկնագոյն բիծ» կոչուող…