ԿԵՆՍԱՆԻՒԹ «K»

Տոքթ. Վ. Գնաճեան Քօփէնհակնի տարրալուծարաններուն մէջ է, որ 1929-ին գտնուեցաւ «K» կենսանիւթը: Կարգ մը կենդանիներ, որոնք սննդառութեան փորձերու կ՚ենթարկուէին, յանկարծ արիւնահոսութիւն ունեցան, երբ անոնց տրուած իւղոտ ուտելիքները ենթարկուեցան սեղմումի: Գիտնականները փորձեցին այդ արիւնահոսութիւը կեցնել՝ «A», «D» եւ «C» կենսանիւթերով, սակայն ապարդիւն: Ու ահա երբ կենդանիներուն տրուեցաւ «լիւզերին» կոչուած տունկին տերեւները, անոնք ապաքինեցան արագ կերպով: Քիմիական…