ՈՂՆԱՅԱՐԻ ԿՈՂՄՆԱԾՌՈՒԹԻՒՆ (SCOLOSIS)

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ   Հին յունարէնով scoliosis կը նշանակէ շեղութիւն կամ ծռութիւն: Ողնայարի կողմնածռութիւնը-ողնկողմնածռութիւնը հիւանդութիւն մըն է, որ կ’ընդգրկէ նեարդամկանակմախքային համակարգը (neuromusculskeletal): Անոր հետեւանքով տեղի կ’ունենայ ողնայարի յարաճուն (progressive) կորութիւն եւ ոլորում (twisting): Ողնայարը կը ստանայ երեք ուղղութեամբ անբնական երեւոյթ, այլ խօսքով՝ պարուրաձեւութին (helical): Յաճախ ողնայարը կը նկարագրուի որպէս գալարաձեւ եւ պարուրաձեւ սանդուղ (spiral stairs):…