Սոխը ամէնէն աժան եւ միեւնոյն ժամանակ օգտակար ուտելիքներէն մէկն է, կը յանձնարարէ սննդաբան Քրիսթինա Էնտըրսընը (Շուէտ): Անոր խօսքերը կը մէջբերէ տեղական Svenska Dagbladet օրաթերթը:
Էնտըրսընի խօսքով` սոխը հարուստ է օրկանիզմի համար անհրաժեշտ վիթամիններով, «մայքրօէլէմընթ»-ներով եւ «հակաօքսիտայզինկ էյճընթ»-ներով, ինչ որ սոխը իսկապէս օգտակար ուտելիք կը դարձնէ:
Երկրորդ կարգին կաղամբն է, որ կը նուազեցնէ քաղցկեղային ուռուցքներու զարգացման վտանգը: Սակայն, ստամոքսի հետ կապուած հարցերու պարագային, չի յանձնարարուիր կաղամբ օգտագործել հում վիճակի մէջ:
Սննդաբանը նաեւ կը յանձնարարէ պարբերաբար ստեպղին, ճակնդեղ եւ ազատքեղ, ինչպէս նաեւ՝ հացահատիկային ուտելիքներ, որովհետեւ այդ ուտելիքները շաքարի մակարդակը կը հաւասարակշռեն արեան մէջ եւ կը բարելաւեն մարսողութիւնը: Ան նաեւ յիշեցուցած է գետնախնձորի օգտակարութեան մասին, որ կը յագեցնէ օրկանիզմը եւ յարմար է գրեթէ որեւէ տեսակի սննդակարգի համար: