Ալզհայմըրզ հիւանդութիւնը ուղեղի խանգարում մըն է, որ կը բնորոշուի ուղեղային փոփոխութիւններով՝ առաջնորդելով որոշ սպիտակուցներու կուտակումին: Այս հիւանդութիւնը կը վատթարանայ ժամանակի ընթացքին: Անիկա պատճառ կը դառնայ, որ ուղեղը կծկուի ու փոքրանայ եւ բջիջները ի վերջոյ մեռնին: Ալզհայմըրզ հիւանդութիւնը «տըմենշիա»ի ամենէն սովորական պատճառն է, որ կը յանգեցնէ յիշողութեան, մտածողութեան, վարքի եւ ընկերային հմտութիւններու անկումին: Այս փոփոխութիւնները կ՛ազդեն մարդու գործելու ունակութեան վրայ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 65 տարեկան եւ վեր մօտաւորապէս 6,5 միլիոն մարդ կ՛ապրին Ալզհայմըրզ հիւանդութեամբ: Անոնցմէ աւելի քան 70 առ հարիւրը 75 տարեկան կամ աւելի բարձր են: Աշխարհի տարածքին «տըմենշիա»ով տառապող մօտաւորապէս 55 միլիոն մարդոցմէ 60-70 առ հարիւրը Ալզհայմըրզ հիւանդութիւնը ունին:
Հիւանդութեան նախանշանները կը ներառեն՝ վերջերս պատահած իրադարձութիւններու կամ զրոյցներու, խօսակցութիւններու մոռացում: Ժամանակի ընթացքին, անիկա կը զարգանայ յանգեցնելով յիշողութեան լուրջ խնդիրներու եւ առօրեայ աշխատանքները կատարելու ունակութեան անկումի:
Դեղորայքներ կրնան բարելաւել կամ դանդաղեցնել ախտանշաններու զարգացումը: Ծրագիրներ եւ ծառայութիւններ կրնան օգնել աջակցելու մարդոց, որոնք կը տառապին այս հիւանդութենէն, ինչպէս նաեւ՝ անոնց խնամատարներուն:
Ալզհայմըրզ հիւանդութիւնը բուժելու որեւէ միջոց չկայ: Յառաջացած փուլերուն ուղեղի գործունէութեան լուրջ կորուստը կրնայ յանգեցնել ջրազրկումի, թերսնուցումի կամ բորբոքումի: Այս բարդութիւնները կրնան յանգեցնել մահուան:
Ախտանշաններ
Յիշողութեան կորուստը հիմնական ախտանշանն է Ալզհայմըրզ հիւանդութեան: Կանուխ նշանները կը ներառեն՝ վերջին իրադարձութիւնները կամ խօսակցութիւններ յիշելու դժուարութիւն: Սակայն հետզհետէ յիշողութիւնը կը վատթարանայ եւ հիւանդութեան յառաջընթացին զուգահեռ, կը զարգանան նաեւ այլ ախտանշաններ:
Սկիզբը, Ալզհայմըրզ հիւանդութենէ տառապող անձ մը կրնայ գիտակցիլ, որ յստակ մտածելու եւ յիշելու հետ կապուած դժուարութիւններ ունի:
Այն ժամանակ երբ ախտանշանները կը վատթարանան, ընտանիքի անդամ մը կամ բարեկամ մը կրնայ աւելի յաստակօրէն նկատել այդ խնդիրները:
Ալզհայմըրզ հիւանդութեան հետ կապուած ուղեղային փոփոխութիւնները կ՛առաջնորդեն աւելի մեծ խնդիրներու.
Յիշողութիւն
Իւրաքանչիւր անձ յիշողութեան հարցեր կրնայ ունենալ երբեմն, սակայն Ալզհայմըրզ հիւանդութեան հետ կապուած յիշողութեան կորուստը կը յարատեւէ եւ կը վատթարանայ: Ժամանակի ընթացքին, յիշողութեան կորուստը կ՛ազդէ աշխատավայրին կամ տան մէջ գործելու ունակութեան վրայ:
Ալզհայմըրզ հիւանդութիւն ունեցող մարդիկ կրնան.
- Անընդհատ կրկնել նախադասութիւններ կամ հարցումներ
- Մոռնալ զրոյցներ, ժամադրութիւններ կամ իրադարձութիւններ
- Սխալ տեղադրել իրեր, այնպիսի տեղեր, որ իմաստ չունի
- Կորսուիլ այնպիսի վայրերու մէջ, որ ժամանակին ծանօթ էին
- Ի վերջոյ մոռնալ ընտանիքի անդամներու եւ առօրեայ իրերու անունները
- Դժուարութիւն ունենալ իրերու ճիշդ բառերը գտնելու, միտքերը արտայայտելու կամ մասնակցութիւն բերելու զրոյցներու մէջ:
Մտածողութիւն եւ դատողութիւն
Ալզհայմըրզ հիւանդութիւնը կը յանգեցնէ կեդրոնանալու եւ մտածելու դժուարութեան, յատկապէս վերացական հասկացութիւններու վերաբերեալ, ինչպէս՝ թիւերը:
Յատկապէս դժուար է նոյն ժամանակ մէկէ աւելի առաջադրանքներ կատարելը: Օրինակի համար՝ կրնայ դժուար ըլլայ վճարումները ժամանակին կատարելը: Ի վերջոյ, Ալզհայմըրզ հիւանդութիւնը ունեցող անձ մը կրնայ անկարող ըլլալ ճանչնալու թիւերը եւ՝ գործելու անոնց հետ:
Անհատականութեան եւ վարքի փոփոխութիւններ
Ուղեղային փոփոխութիւնները, որ կը կատարուի Ալզհայմըրզ հիւանդութեան պարագային, կրնան ազդել նաեւ տրամադրութեան եւ վարքագիծի վրայ: Խնդիրները կրնան ներառել հետեւեալները.
- Ընկճուածութիւն/ճնշուածութիւն
- Գործունէութեան եւ վարժութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութեան կորուստ
- Ընկերային առումով մեկուսացում
- Տրամադրութիւններու տատանումներ
- Վստահութեան պակաս ուրիշներու նկատմամբ
- Ջղայնութիւն կամ «ըկրեշըն»
- Քունի սովորութիւններու փոփոխութիւն
- Մոլորում
- Ալգելակումներու կորուստ
- Պատրանքներ, ինչպէս՝ հաւատալ, որ բան մը գողցուած է
Դատողութիւններ եւ որոշումներ կայացնել
Ալզհայմըրզ հիւանդութիւնը կրնայ վայրէջք յառաջացնել խելացի որոշումներ եւ դատողութիւններ կայացնելու ունակութեան մէջ՝ առօրեայ կացութիւններու պարագային: Օրինակի համար, անձ մը կրնայ վատ ընտրութիւններ ընել ընկերային միջավայրի մէջ կամ այնպիսի հագուստներ հագնիլ, որոնք յարմար չըլլան եղանակին: Անձի մը համար կրնայ դժուար ըլլալ ամէնօրեայ խնդիրներուն արձագանգելը. օրինակի համար՝ չկարենայ ճիշդ ձեւով շարժիլ օճախին վրայ այրող կերակուրին վերաբերեալ կամ չկարենայ ճիշդ որոշում կայացնել ինքնաշարժ քշելու ժամանակ:
Ծանօթ առաջադրանքներ ծրագրել եւ կատարել
Սովորական առաջադրանքներ, որոնք կը պահանջեն քայլերու յաջորդականութիւն, որպէսզի իրենց աւարտին հասնին, դժուար կը դառնան Ալզհայմըրզ հիւանդութենէ տառապող մարդոց համար: Ասիկա կրնայ ներառել ճաշ մը պատրաստելը կամ նախընտրած խաղ մը խաղալը: Ի վերջոյ, յառաջացած փուլերու հասած Ալզհայմըրզ հիւանդութիւնը ունեցող մարդիկ կը մոռնան, թէ ինչպէ՞ս կը կատարեն անհրաժեշտ առաջադրանքները, ինչպէս՝ հագուստ հագնիլը կամ լոգնալը:
Պահպանուած հմտութիւններ
Հակառակ յիշողութեան եւ հմտութիիւններու հիմնական փոփոխութիւններուն, Ալզհայմըրզ հիւանդութենէն տառապող մարդիկ կրնան պահպանել կարգ մը հմտութիւններ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ախտանշանները կը վատթարանան: Պահպանուած հմտութիւնները կրնան ներառել. գիրքեր կարդալը կամ մտիկ ընելը, պատմութիւններ պատմելը, յիշատակներ բաժնեկցիլը, երաժշտութիւն մտիկ ընելը, պարելը, գծելը, կամ ձեռային աշխատանքներ կատարելը:
Այս հմտութիւնները կրնան աւելի երկար պահպանուիլ, որովհետեւ անոնք կը վերահսկուին ուղեղին այն բաժիններուն կողմէ, որոնք կ՛ախտահարուին հիւանդութեան ընթացքի վերջաւորութեան:
Ե՞րբ դիմել բժիշկի
Շարք մը պայմաններ կրնան յանգեցնել յիշողութեան կորուստի կամ «տըմենշիա»ի այլ ախտանշաններու: Այդ պայմաններէն քանի մը հատը կրնան բուժուիլ: Եթէ մտահոգ էք ձեր յիշողութեան կամ մտածողութեան վերաբերող այլ հմտութիւններով, խորհրդակցեցէ՛ք ձեր առողջութեամբ զբաղող մասնագէտին հետ:
Եթէ մտահոգուած էք ընտանիքի անդամի մը կամ բարեկամի մը մտածողութեան հետ կապուած հմտութիւններով, խօսեցէ՛ք ձեր մտահոգութեան մասին եւ առաջարկեցէ՛ք միասնաբար խորհորդակցիլ առողջապահութեան մասնագէտին հետ: