Արդեօք ալքոլը կը բարելաւէ՞ քունը. գիտնականները այդ մէկը «միթ» կը նկատեն: Արձակուրդներու ընթացքին եւ արձակուրդներէն ետք ալքոլային խմիչքներու օգտագործումը կրնայ խանգարել քունը եւ յառաջացնել այլ կողմնակի բարդութիւններ:
Իրականութեան նայելով, ատոր մէջ որոշ ճշմարտութիւն կայ. ալքոլը կրնայ օգնել ձեզ քնանալու, սակայն գիշերուան առաջին կիսուն մարդ կրնայ ինքզինք զգալ «քոմաթոզային» վիճակի մէջ:
Ալքոլը ստամոքսի միջոցով կը ներթափանցէ արեան մէջ եւ կը հասնի լեարդ եւ ուղեղ: Ուղեղին մէջ ալքոլը կը յառաջացնէ «սերոթոնին»ի եւ «տոփամին»ի արտազատում, որոնք կը ծառայեն որպէս ուղեղի «պարգեւատրման համակարգի» եւ ուղեղի տկարացման տարրեր: Անոնք նաեւ կը կոչուին նեարդային հաղորդիչներ:
Այնուամենայնիւ, այս նիւթերու ազդեցութիւնը կ՛անհետանայ մօտաւորապէս չորսէն հինգ ժամ ետք: Այս պահէն մենք նկատելիօրէն աւելի վատ կը քնանանք կամ նոյնիսկ կ՛արթննանք, եւ լաւ գիշերը կ՛աւարտի։ «Պատճառը այն է, որ ալքոլը մարմնին մէջ կը կտրտուի «ասեթալտեհիտ»ի»,- կը բացատրէ «կասթրոէնթերոլոկ» եւ ալքոլի հետազօտող Հելմութ Զայց:
Ըստ Զայցի՝ «ասեթալտեհիտ»ը ուղեղին մէջ կ՛արտազատէ «ատրենալին» եւ սթրեսի հորմոն՝ «քորթիզոլ»: «Այդ մէկը կը ստիպէ մեզ արթննալ եւ զգօն ըլլալ»,- կը բացատրէ գիտնականը։
Ըլլայ գինի, գարեջուր, թէ ճին-թոնիք, անկախ անկէ, թէ ինչ ոգելից խմիչք կը խմենք երեկոյեան, ատոնք բոլորը կը խանգարեն մեր քունը: Սակայն անորակ ալքոլային խմիչքները ալ աւելի կրնան սրել իրավիճակը։
«Աժան գինին կրնայ պարունակել լրացուցիչ նիւթեր, ինչպէս՝ բուրաւետիչները, ֆիւզելի իւղերը եւ երկար շղթայով ալքոլները»,- կ՛ըսէ ալքոլի հետազօտող Հելմութ Զայց: Այս մէկը կրնայ յառաջացնել սիրտխառնուք եւ գլխացաւեր եւ ալ աւելի վատթարացնել ձեր վիճակը:
Նոյնիսկ ամենէն որակեալ եւ մաքուր օղին կը վերածուի թունաւոր «ասեթալտեհիտ»ի։ «Ատրենալին»ի եւ «քորթիզոլ»ի հետագայ հոսքը պարտադիր չէ, որ արթնցնէ ձեզ, բայց կը խախտէ այն, ինչ որ կը կոչուի արագ քունի փուլ: Եւ այդ կախեալ է ոչ այնքան որակէն, որքան ալքոլի քանակէն։
«Որքան մեծ է ալքոլի չափաբաժինը, այնքան աւելի շատ կը խանգարուի արագ քունի փուլը գիշերուան երկրորդ կիսուն»,- կը բացատրէ Լիւպեքի համալսարանի նեարդակենսաբանութեան փրոֆեսոր Հենրիկ Օսթեր, հաղորդած է DW-ն:
Որպէս կանոն, քունի որակը նկատելիօրէն կը վատթարանայ արդէն ալքոլի 0,2-էն մինչեւ 0,3 «փրոմիլ»ի պարագային, կը բացայայտէ փրոֆեսորը։
Արեան մէջ ալքոլի այս մակարդակին հասնելու ճշգրիտ ժամանակը կախեալ է տարբեր գործօններէն՝ սեռէն, մարմնի կշիռքէն, ձեր ստամոքսը դատարկ է, թէ լեցուն, եւ արդեօք դուք դեղորայք կը ստանաք թէ ոչ: Այնուամենայնիւ, պէտք է նշել, որ 0,2 «փրոմիլ» մակարդակի կարելի է հասնիլ բաւական արագ՝ երկու բաժակ գինին բաւարար կ՛ըլլայ։
Արագ քունի փուլը կը նկատուի աքթիվ հանգիստի փուլ եւ կարեւոր է մեր ֆիզիքական եւ մտաւոր առողջութեան համար: Նորածիններու համար արագ քունի փուլը կը կազմէ քունի մեծ մասը եւ կարեւոր է նորածիններու ուղեղի զարգացման համար:
«Ալքոլը կը ճնշէ արագ քունի փուլը»,- կ՛ըսէ փրոֆեսոր Օսթեր: Երբ արագ քունի փուլը պարբերաբար կը խանգարուի, խնդիրներ կը յառաջանան, ինչպէս՝ տկար կեդրոնացումը եւ վատ յիշողութիւնը: Գիտնականները կը կարծեն, որ արագ քունի փուլի խանգարումները կը հանդիսանան նաեւ բնակչութեան մահացութեան բարձր մակարդակի պատճառ։
Ալքոլի հետազօտող Հելմութ Սեյցի խօսքով, անոնք, որոնք անմիջապէս կը հրաժարին ալքոլէն, քունի նկատելի բարելաւումներ կ՛ունենան: «Դուք կը դառնաք աւելի հանգիստ, աւելի հաւասարակշռուած եւ աւելի լաւ կը կարողանաք լուծել խնդիրները»,- կը վստաեցնէ մասնագէտը: