Ամերիկեան Oxford Population Health ընկերութեան կատարած երկու հետազօտութիւններուն ընթացքին, արեան մէջ յայտնաբերուած են սպիտակուցներ, որոնք ախտորոշումէն աւելի քան եօթ տարի առաջ կրնան ահազանգել մարդու օրկանիզմին մէջ քաղցկեղի առկայութեան մասին:
Գիտնականները յայտնաբերած են 618 սպիտակուցներ, որոնց շարքին խումբ մը մարդոց 107 սպիտակուցներ՝ առնչուած քաղցկեղի 19 տարբեր տեսակներու հետ: Հետազօտողներու խումբը բացայայտած է, որ այս սպիտակուցները կրնան մասնակից ըլլալ քաղցկեղի յառաջացման՝ ամենէն կանուխ փուլերուն մէջ, մինչ երբ կարելի է զայն դիւրութեամբ կանխել:
Հետազօտողներուն համաձայն՝ այս սպիտակուցներէն քանի մը հատը կրնան օգտագործուիլ քաղցկեղը շատ կանուխ յայտնաբերելու աշխատանքին մէջ, քան ներկայիս գոյութիւն ունեցող կարելիութիւնները: Ապագային այս յայտնագործութիւնը կրնայ օգնել շատ աւելի կանուխ հանգրուանին բուժելու հիւանդութիւնը կամ ամբողջութեամբ կանխելու զայն:
Անիկա կարելիութիւն կը ստեղծէ գիտնականներուն՝ վերլուծելու հիւսուածքներու նմուշներուն մէջ գտնուող սպիտակուցներու մեծ շարք մը եւ դիտարկելու, թէ ինչպէ՞ս անոնք կը փոխազդեն զիրար, ինչպէս նաեւ՝ յայտնաբերելու սպիտակուցներու միջեւ էական տարբերութիւններ հիւսուածքներու տարբեր նմուշներու մէջ:
Առաջին հետազօտութեան ընթացքին, գիտնականները վերլուծած են Մեծն Բրիտանիոյ կենսապանքի՝ աւելի քան 44 հազար մարդոցմէ առնուած արեան նմուշները, որոնցմէ աւելի քան 4,900-ի օրկանիզմին մէջ քաղցկեղ յայտնաբերած են հետագային: Այս հետազօտութեան խումբը կիրառած է «փրոթէոմիքս» կոչուած «թեքնիք»ը վերլուծելու համար 1,463 սպիտակուցներու շարք մը, որոնք առնուած են իւրաքանչիւր անհատի արեան մէկ նմուշէն:
Գիտնականները բաղդատած են քաղցկեղով ախտորոշուած մարդոց սպիտակուցները քաղցկեղ չունեցող մարդոց սպիտակուցներուն հետ՝ բացայայտելու համար քաղցկեղի վտանգին հետ կապուած էական տարբերութիւններ:
Գիտնականները միեւնոյն ժամանակ յայտնաբերած են 182 սպիտակուց, որոնք առկայ եղած են արեան մէջ քաղցկեղի ախտորոշումէն երեք տարի առաջ:
Երկրորդ հետազօտութեան ընթացքին, գիտնականները վերլուծած են քաղցկեղի աւելի քան 300 հազար պարագաներու «ճենեթիք» տուեալները, որպէսզի հետագային աւելի լաւ հասկնան, թէ արեան ո՞ր սպիտակուցները մասնակից են քաղցկեղի զարգացման եւ ինչպէ՞ս կրնան օգտագործուիլ բուժման նոր եղանակներու մէջ:
Գիտնականները յայտնաբերած են 40 սպիտակուցներ արեան մէջ, որոնք դերակատարութիւն ունին քաղցկեղի 9 տարբեր տեսակներու զարգացման վրայ: Այս սպիտակուցներու ձեւափոխումը կրնայ բարձրացնել կամ նուազեցնել մարդու օրկանիզմին մէջ քաղցկեղի զարգացման հաւանականութիւնը: Գիտնականները միեւնոյն ժամանակ տեսած են, որ որոշ պարագաներու այդպիսի ձեւափոխումներ կրնան յանգեցնել անկանխատեսելի կողմնակի հետեւանքներու: