Կարելի չէ բացառել COVIDի նոր՝ աւելի վտանգաւոր, համավարակի սպառնալիքը։ Այս մասին Ժընեւի մէջ, տարեկան իր վեհաժողովին ընթացքին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Կեպրեյեսուս։
«COVIDի այլ տեսակի մը յառաջացման սպառնալիքը, որ կրնայ յանգեցնել հիւանդութեան եւ մահացութեան նոր բռնկումներու, կը շարունակէ պահպանուիլ։ Կը մնայ նաեւ նոր՝ աւելի մահացու «փոթենշըլ» ունեցող «փաթոճեն»ի յառաջացման սպառնալիքը»,- նշած է կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնը։
Թետրոս Կեպրեյեսուս ամբողջ աշխարհին կոչ ուղղած է պատրաստ ըլլալ ապագային հաւաքական հակահարուած տալու սպառնալիքին։
Մայիս 5-ին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարած էր համաշխարհային առողջապահութեան մէջ արտակարգ իրավիճակի աւարտի մասին, որ պայմանաւորուած էր COVID-19 ժահրի տարածման հետ։ Անոր խօսքով՝ քորոնաժահրի պատճառով ամբողջ աշխարհի մէջ մահացած է առնուազն 20 միլիոն մարդ։