Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը հաւանութիւն տուած է ճափոնական դեղագործական KM Biologics ընկերութեան՝ կապկածաղիկի դէմ պատուաստի շտապ օգտագործման, որ գործակալութեան համաձայնութիւնը ստացած երկրորդ պատուաստն է, հաղորդած է Ֆրանսփրես գործակալութիւնը:
Կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ թոյլատրած է LC16m8 պատուաստը ընդգրկել արտակարգ իրավիճակներու օգտագործման ցանկին (EUL) մէջ՝ «խթանելու պատուաստներու ժամանակին հասանելիութիւնը դէպի այն համայնքները, ուր կապկածաղկի բռնկումները յաճախակի դարձած են»:
«ԱՀԿ-ի կողմէ էմփոքս-ի դէմ LC16m8 պատուաստի հրատապ օգտագործման ցուցակը նշանակալի քայլ է մեր արձագանգին՝ ներկայ արտակարգ իրավիճակին, ապահովելով նոր տարբերակ, որպէսզի պաշտպանուին բոլոր բնակիչները, ներառեալ փոքրիկնրը»,- ըսած է ԱՀԿ-ի գլխաւոր տնօրէնի դեղերու եւ առողջապահական իրերու հասանելիութեան գծով օգնական Եուքիքօ Նաքաթանին:
ԱՀԿ-ն, այնուամենայնիւ, զգուշացուցած է, որ այս պատուաստը պէտք չէ կիրառուի յղութեան ընթացքին կամ տկար դիմադրողական համակարգ ունեցողներու պարագային: Սեպտեմբերին կազմակերպութիւնը նախաորակաւորած էր կապկածաղկի դէմ մէկ այլ պատուաստ՝ Պաւարեան-Նորտիք MVA-BN-ը՝ որպէս բաժին մը իր թափած ճիգերուն՝ պայքարելու զարգացող հիւանդութեան բռնկումներուն դէմ:
ՄԱԿ-ի առողջապահութեան գործակալութիւնը Օգոստոս 14-ին նոր միջազգային արտակարգ դրութիւն յայտարարած էր կապկածաղկի համաճարակին վերաբերեալ՝ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ, նոր 1b շտամի դէպքերու զարգացումին առնչուող մտահոգութիւններուն պատճառով, որ տարածուած է նաեւ դրացի երկիրներու մէջ:
ԱՀԿ-ի տուեալներով՝ այս տարի կապկածաղիկի դէպքեր արձանագրուած են 80 երկիրներու մէջ, այդ շարքին՝ 19-ը՝ Ափրիկէի երկիրներու մէջ: Այսօրուան դրութեամբ՝ ամենէն վատ ազդուած երկիրը կը շարունակէ մնալ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը, ուր արձանագրուած է աւելի քան 39 հազար կասկածելի դէպքերու ճնշող մեծամասնութիւն եւ աւելի քան 1000 մահ: Կապկածաղիկը կը յառաջանայ վարակուած անասուններու միջոցով մարդոց փոխանցուող ժահրէն, սակայն կրնայ փոխանցուիլ նաեւ մարդէ ուրիշ մարդու՝ սերտ ֆիզիքական շփումի միջոցով:
Կապկածաղիկը կը յառաջացնէ տաքութիւն, մկանային ցաւ եւ մորթային մեծ վնասուածքներ եւ կրնայ նաեւ մահացու վախճան ունենալ: