Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան քաղցկեղի ուսումնասիրման գործակալութիւնը «ասփարթամ»ի արհեստական քաղցրացուցիչը հնարաւոր քաղցկեղածին յայտարարած է, հաղորդած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կայքը:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան IARC գործակալութիւնը եզրակացուցած է, որ «ասփարթամ»ը կրնայ քաղցկեղ յառաջացնել։
Այնուամենայնիւ, յայտնաբերուած որոշ ազդեցութիւններ կը պահանջեն այլ յաւելեալ որակեալ հետազօտութիւններ:
«68 քկ. կշիռք ունեցող մարդ մը պէտք է իր կեանքի ընթացքին ամէն օր օգտագործէ մօտաւորապէս 14 թիթեղ «տայըթ» խմելիքներ կամ մօտաւորապէս 74 տոպրակ «ասփարթամ՝ որեւէ բացասական ազդեցութիւն ունենալու համար: Ակնյայտ է, որ սպառման այս մակարդակը անիրատես է, չի յանձնարարուիր եւ չի համապատասխաներ այդ բաղադրիչներու նախատեսուած օգտագործման»,-բացատրած է արհեստական քաղցրացուցիչներ արտադրողներու առեւտրային խումբի նախագահ Ռոպըրթ Ռենքին:
Արդիւնաբերութեան քանի մը այլ խումբեր հանդէս եկած են յայտարարութիւններով, որոնք կը հերքեն Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան նոր որոշումը, այդ շարքին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու սննդամթերքի եւ դեղերու վարչութիւնը: