Մասնագէտները աղը յաճախ կ՛անուանեն «սպիտակ մահ», որովհետեւ անիկա կործանարար ազդեցութիւն կ՛ունենայ մարդու օրկանիզմին վրայ, եթէ ատոր օրական նորմը կը գերազանցէ 5 կրամը առողջ մարդոց եւ 2,5 կրամը՝ արեան գերճնշման հիւանդութիւն ունեցողներու համար։
Շատ բժիշկներ կը յանձնարարեն աղը օգտագործել որքան կարելի է քիչ կամ ընդհանրապէս բացառել զայն սննդաբաժինէն, բայց ռուս սննդաբան Մարիա Գերասիմովա խորհուրդ կու տայ չհրաժարիլ աղէն ընդհանրապէս:
Մասնագէտը նշած է, որ աղը բացառելը կրնայ յանգեցնել ինքնազգացողութեան վատթարացման, տկարութեան եւ ցնցումներու։
Սննդաբանը բացատրած է, որ «քլոր»ը աղին մէջ անհրաժեշտ է աղաթթուի արտազատման համար, որ ստամոքսահիւթի հիմնական բաղադրիչն է։ «Սոտիում»ը իր կարգին կը մասնակցի նեարդային ազդակներու հաղորդման։
Գերասիմովային խօսքով՝ առանց աղի սննդականոն մասնագէտները կրնան նշանակել միայն որոշ պարագաներու։ Բացի ատկէ, սննդաբանը չի յանձնարարեր աղ օգտագործել մէկ տարեկանէն փոքր մանուկներու կերակուրներուն մէջ, իսկ ուրիշներու համար աղը անհրաժեշտ է, երբ անիկա օրական նորմի սահմաններուն մէջ, տեղեկացուցած է Med Noveltyն: