Վերջին շրջանին դեռահաս փոքրիկներու ծնողները ահազանգ կը հնչեցնեն, որ իրենց զաւակներուն մօտ պարբերաբար տաքութիւն (բարձր աստիճանի), տկարութիւն ու փսխումներ կը նկատուին։ NEWS.am–ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, ԱՆ Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի վարակիչ հիւանդութիւններու համաճարակաբանութեան վարչութեան բժիշկ–համաճարակաբան Ներսէս Գրիգորեան նշած է, որ ամրան անդադար կ՛աշխուժանան աղիքային վարակիչ հիւանդութիւնները, սակայն այս պահուն իրավիճակը վերահսկելի է։
«Աղիքային վարակիչ հիւանդութիւններուն բնորոշ շարք մը ախտանշաններ գոյութիւն ունին. առաջին կարգին՝ ջերմաստիճանի բարձրացում, ինչպէս նաեւ սիրտխառնուքի, փսխումի, փորհարութեան առկայութիւն։ Աղիքային վարակիչ հիւանդութիւններով աւելի յաճախ կը հիւանդանան փոքրիկները, բայց վտանգի խումբին մէջ են նաեւ տարեց եւ քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցող մարդիկ», – նշած է բժիշկը։
Ներսէս Գրիգորեանի խօսքով, աղիք-ստամոքսային ժահրերը մարդու օրկանիզմ կը ներթափանցեն սնունդի եւ ջուրի միջոցով։
«Կանխարգիլման համար առաջին կարգին մարդիկ պէտք է պահպանեն անհատական առողջապահական կանոնները, ձեռքերը կանոնաւորաբար օճառով լուալով։ Բացի ատկէ, պէտք է ճիշդ պայմաններու մէջ պահել սննդամթերքը, շուտ փճացող ուտելիքները զետեղել սառնարանին մէջ՝ փաթթուած։ Եփած ուտելիքները պէտք է դնել աւելի բարձր դարակներու մէջ, իսկ հում սննդամթերքը՝ աւելի ցած դարակներու մէջ։ Շատ կարեւոր է ուտելիքի թէ՛ մշակումը եւ թէ՛ պատրաստութիւնը։ Եթէ մենք ունինք թէ՛ հում եւ թէ՛ եփած սննդամթերք ու կ՛օգտագործենք խոհանոցային նոյն ապրանքները, պէտք է անընդհատ լուանք զանոնք, որպէսզի վարակը մէկ սննդատեսակէն միւսին չփոխանցուի», – նշած է բժիշկը։
Բժիշկ–համաճարակաբանին խօսքով, աղիքային վարակները կրնան տարածուիլ նաեւ աղտոտ ջուրի միջոցով. թէեւ ծորակէն խմելու ջուր կը հոսի, բայց կ՛ըլլան պարագաներ, երբ համակարգին մէջ խնդիրներ կը յառաջանան։ Այդ պարագային կարեւոր է ուշադիր ըլլալ եւ եթէ նկատուի, որ ջուրը պղտոր է կամ առկայ է որոշ հոտ, պէտք է խուսափիլ զայն խմելու համար օգտագործելէն։ Նման ջուր կարելի է օգտագործել միայն եռացնելէն եւ սառեցնելէն ետք։
«Հիմա բնութեան գիրկը խնճոյքներու եղանակը սկսած է։ Պէտք է շատ ուշադիր ըլլալ, վերցնել լուացուած պտուղ–բանջարեղէն, որովհետեւ խնճոյքի վայրին մէջ յաճախ կարելիութիւն չըլլար։ Պէտք է խուսափիլ «քրեմ» պարունակող հրուշակեղէն, տարբեր մսամթերքներ եւ երշիկներ տանելէն։ Մսամթերք օգտագործելու պարագային պէտք է ճիշդ պատրաստել զայն։ Խոզի խորովածը, օրինակ, պէտք է երկար պահել կրակին վրայ», – նշած է Գրիգորեանը։
Ան յանձնարարած է, որ աղիքային վարակի ախտանշաններու առկայութեան պարագային պէտք չէ զբաղիլ ինքնաբուժումով․ անհրաժեշտ է դիմել բժիշկին։
«Եթէ հիւանդը առանց բժիշկի խորհուրդին օգտագործէ «հակապայոթիք»-ներ, կրնայ վարակը ուղղակիօրէն չբուժուիլ եւ ստանալ քրոնիկ ընթացք։ Կամ մանրէները կրնան դիմակայել, որու հետեւանքով բուժումը աւելի դժուար կ՛ըլլայ», – նշած է ան։
Վարակիչ հիւանդութիւններու ազգային կեդրոնի բժիշկ-վարակաբան Աննա Ստեփանեանի խօսքով, կախեալ ըլլալով ախտանշաններու ծանրութեան աստիճանէն հիւանդները կրնան դիմել առաջնային առողջապահական ծառայութիւններ մատուցող մասնագէտի՝ օրինակ՝ մանկաբոյժի կամ «թերափիսթ»-ի եւ անհրաժեշտութեան պարագային շարունակել հիւանդանոցային բուժումով։
«Աղիքային հիւանդութիւններով աւելի հակում ունին հիւանդանալու փոքրիկները եւ տարեցները։ Թէեւ դժուար է յստակ որոշել որեւէ ճշգրիտ տարիքային խումբ, սակայն իրականութեան մէջ, այս հիւանդութիւնները աւելի յաճախ կը պատահին փոքրիկներու», – ըսած է ան՝ նշելով, որ ախտանշաններու ծանրութեան աստիճանին համաձայն, բուժման մեթոտները կրնան տարբեր ըլլալ։
Բժիշկ–վարակաբանին խօսքով, «էնթերոժահրային» վարակները կը փոխանցուին բերանա-կղանքային եւ օդակաթիլային ճամբաներով, հետեւաբար ժահրի տարածումը կանխարգիլելու համար անհրաժեշտ է հետեւիլ անհատական առողջապական կանոններուն։ Բացի ատկէ, կարեւոր է օգտագործուող պտուղը եւ բանջարեղէնը մանրակրկիտ լուալ հոսող ջուրի տակ։